Զարմանքով ընթերցեցինք ՀՅԴ Նոր Սերունդի նախկին Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ղրկուած մամլոյ հաղորդագրութիւնն ու կարգ մը այլ նամակները:
Մեր խոր հիասթափութիւնը կ’ուզենք յայտնել ՀՅԴ Նոր Սերունդի նախկին Կեդրոնական Վարչութեան կարգ մը անդամներու որդեգրած գործելաոճին կապակցութեամբ: Արդարեւ, լուծարուած մարմնին մաս կազմած այս անձերը, կը կատարեն ապատեղեկատուական աշխատանք հայ համայնքին մօտ, տարածելով իրականութեան չհամապատասխանող բովանդակութեամբ նամակներ, եւ շփոթ կը սերմանեն՝ այդ գրութիւնները ղրկելով նամակատուփի մը միջոցով, որուն հասցէն կը տարբերի ՀՅԴ Նոր Սերունդի պաշտօնական նամակատուփի հասցէէն՝ secrétariat@norseround.com :
Ցնոր տնօրինութիւն, ՀՅԴ Նոր Սերունդը պիտի արտայայտուի միմիայն իր պաշտօնական նամակատուփին եւ համացանցային կայքին միջոցով՝ www.norseround.com :
Վերոյիշեալը ֆրանսահայ համայնքի ուշադրութեան յանձնելով, կը տեղեկացնենք, որ պէտք է անվաւեր նկատել ելեկտրոնային բոլոր այն յղումները զորս չեն կատարուիր վերը նշուած հասցէներուն միջոցով, եւ որոնք մեր կազմակերպութեան առնչուող հարցեր արծարծելով կը փորձեն խափանել անոր առօրեան:
Ճիշդ է, որ այսօր Նոր Սերունդը կ’ապրի որոշ տագնապ: Բոլորս պատասխանատու ենք, եւ աւելի՜ն, շահախնդի՜ր, հզօրացնելու ՀՅԴ Նոր Սերունդը, յանձնառու երիտասարդութեան այս կազմակերպութիւնը, որ եօթանասուն տարիներ առաջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան յանձնարարութեամբ եւ Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ հիմնադրուելէ ետք, մինչեւ այսօր ապացուցած է, որ կարո՜ղ է ըլլալ հայոց պահանջատիրական պայքարի առանցքը Ֆրանսայի մէջ, կը շարունակէ աշխատիլ հայ համայնքի կողքին, ու կը պայքարի հայ դատին համար:
Այսօր, դժուար իրավիճակ ապրելով հանդերձ, ՀՅԴ Նոր Սերունդը արագօրէն պիտի վերսկսէ իր աշխատանքները, եւ այն պայքարը, զոր պէտք է ըլլայ ի՜ր պայքարը, այն է՝ հայ դատի պաշտպանութիւնը: Առ այդ, յառաջիկայ օրերուն իսկ, երրորդ անգամուան համար, պիտի կազմակերպուի Ստեփանակերտի «Երկիր» նախագիծի ամառնային ճամբարը: Տասնեակ մը նորսերնդականներ, երկու շաբաթ տեւող ճամբարի ընթացքին, շուրջ 150 մանուկներու եւ պատանիներու պիտի հրամցնեն մարզական, մշակութային եւ դաստիարակչական զբաղումներ: Արցախի ապագայ այս երիտասարդները պիտի ծառայեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման եւ պաշտպանութեան գործին:
Միտքերու եւ տեսակէտներու բազմազանութիւնը, բանավէճը, իրադարձութիւններու վերլուծութիւնն ու գործնական պայքարը, որ միշտ եղած են մեր իւրայատկութիւնները, պիտի ծառայեն հայ դատի ճամբուն մղուող մեր պայքարին, զոր պիտի շարունակուի անդադար եւ բոլոր ճակատներու վրայ, անշեղօրէն յարգելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր երիտասարդական կազմակերպութեան՝ ՀՅԴ Նոր Սերունդի արժէքները:
ՀՅԴ Նոր Սերունդ
Փարիզ, 1 Օգոստոս 2015