19 Սեպտեմբեր 2016ին ՀՅԴ Նոր Սերունդը անգամ մը եւս Փարիզի կեդրոնական փողոցներուն մէջ արտայայտեց իր դժգոհութիւնն ու իր ամբողջական անհամաձայնութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած փառատոնին նկատմամբ:
Այս ձեռնարկին նպատակը մէկ շաբթուայ տեւողութեամբ Ազրպէյճանի մասին իտեալական պատկեր մը փոխնացելն է Ֆրանսայի ժողովուրդին միեւնոյն ատեն տարածելով ծաւալապաշտական եւ սխալ տեղեկութիւններ Ղարաբաղի գծով:
Ինչպէս կարելի է թոյլ տալ որ այս ամբողջատիրական եւ ոճրագործ երկիրը կարենայ իրականութեան չհամապատասխանող քարոզչութիւն կատարել Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ: Անընդունելի է, որ Ֆրանսան ուր մարդկային իրաւունքները առաջնահերթ են եւ ուր ժողովրդավարութիւնը հիմքն է հանրապետութեան, թոյլ տայ որ իր պատկերը մռայլի` ընդունելով մարդկային իրաւունքները եւ համաշխարհային օրէնքները ոտնակոխող Ազրպէյճանի կողմէ նման միջոցառման մը կազմակերպումը:
Աւելին, փարիզեան ոստիկանութիւնը կոպիտ վերաբերմունք ցոյց տուաւ ՀՅԴ Նոր Սերունդի վճռակամ անդամներուն նկատմամբ:
Արցախի սահմաններու երկայնքին, Ազրպէյճանը իւրաքանչիւր օր կը բռնաբարէ զինադադարը, տարուէ տարի կը բարձրացնէ իր զինուորական պիւտճէն, իսկ ներքին առումով կը բանտարկէ քաղաքական ընդդիմադիրները եւ լրագրողները:
ՀՅԴ Նոր Սերունդը կը շեշտէ թէ ինքնորոշման իրաւունքը աւելի արժէքաւոր է քան ժամանակաւոր խաղաղութիւնը եւ իր նեցուկը կը յայտնէ Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ ժողովրդավար պետական կառոյցներուն:
ՀՅԴ Նոր Սերունդ
Փարիզ, 20 Սեպտեմբեր 2016