//ՀՅԴ Նոր Սերունդը Փարիզի կեդրոնական փողոցներուն մէջ արտայայտեց իր դժգոհութիւնը

ՀՅԴ Նոր Սերունդը Փարիզի կեդրոնական փողոցներուն մէջ արտայայտեց իր դժգոհութիւնը

19 Սեպտեմբեր 2016ին ՀՅԴ Նոր Սերունդը անգամ մը եւս Փարիզի կեդրոնական փողոցներուն մէջ արտայայտեց իր դժգոհութիւնն ու իր ամբողջական անհամաձայնութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած փառատոնին նկատմամբ14344896_1222509837813237_7272745788794502937_n:

Այս ձեռնարկին նպատակը մէկ շաբթուայ տեւողութեամբ Ազրպէյճանի մասին իտեալական պատկեր մը փոխնացելն է Ֆրանսայի ժողովուրդին միեւնոյն ատեն տարածելով ծաւալապաշտական եւ սխալ տեղեկութիւններ Ղարաբաղի գծով:

Ինչպէս կարելի է թոյլ տալ որ այս ամբողջատիրական եւ ոճրագործ երկիրը կարենայ իրականութեան չհամապատասխանող քարոզչութիւն կատարել Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ: Անընդունելի է, որ Ֆրանսան ուր մարդկային իրաւունքները առաջնահերթ են եւ ուր ժողովրդավարութիւնը հիմքն է հանրապետութեան, թոյլ տայ որ իր պատկերը մռայլի` ընդունելով մարդկային իրաւունքները եւ համաշխարհային օրէնքները ոտնակոխող Ազրպէյճանի կողմէ նման միջոցառման մը կազմակերպումը:

Աւելին, փարիզեան ոստիկանութիւնը կոպիտ վերաբերմունք ցոյց տուաւ ՀՅԴ Նոր Սերունդի վճռակամ անդամներուն նկատմամբ:

Արցախի սահմաններու երկայնքին, Ազրպէյճանը իւրաքանչիւր օր կը բռնաբարէ զինադադարը, տարուէ տարի կը բարձրացնէ իր զինուորական պիւտճէն, իսկ ներքին առումով կը բանտարկէ քաղաքական ընդդիմադիրները եւ լրագրողները:

ՀՅԴ Նոր Սերունդը կը շեշտէ թէ ինքնորոշման իրաւունքը աւելի արժէքաւոր է քան ժամանակաւոր խաղաղութիւնը եւ իր նեցուկը կը յայտնէ Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ ժողովրդավար պետական կառոյցներուն:

ՀՅԴ Նոր Սերունդ

Փարիզ, 20 Սեպտեմբեր 2016